2013-01-26 12:50:42

Վատիկանի մէջ Կլոր Սեղան` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կանոնագիրքի Հրատարակումի 30-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Ուրբաթ 25 յունուարին` Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոնագիրքի հրատարակման 30-րդ տարեդարձին առթիւ։
Աշխատանքներուն մասնակցած են 400 կանոնագէտներ։
Հանդիպումին նիւթը եղաւ ''Կանոնագիրքի բարենորոգումը Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի հայրերու խնդրանք''։
Նշենք որ նոր կանոնագիրքը լոյս տեսաւ 1983-ին ու կը կրէ երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը ։ Անիկա կը փոխառինէ 1917-ի հրատարակութիւնը։
Յայտնենք որ Յովհաննէս 23-րդ քահանայապետը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը հռչակած էր ու բաղձանք յայտանած էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ կանոնագիրքի վերատեսութեան։ Աշխատանքերը սկիզբ առին 1966-ին քահանայապետական յանձնախումբի մը ստեղծումով։
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի խնդրանքին վրայ լոյս տեսաւ նաեւ արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.